image

200 Երիտասարդներ Ստանձնած Են Գամիշլիի Հայկական Թաղերու Ապահովութիւնը

200  Երիտասարդներ Ստանձնած Են Գամիշլիի Հայկական  Թաղերու Ապահովութիւնը

Գամիշլին  կը համարուի Սուրիոյ   ամէնէն ապահով շրջաններէն մէկը:  Այս մասին  «Արեւելք»  իմացաւ   Գամիշլիի   իր աղբիւրէն: Մեր  աղբիւրը  նաեւ  յայտնեց, թէ  շրջանի  ընդհանուր ապահովութիւնը ստանձնած է  քրտական YPK-ն, որ   PKK-ի    սուրիական թեւը կը համարուի: Շրջանին մէջ  կը գործեն երկու  հայկական  կեդրոններ  եւ  Ազգ. Եփրատ վարժարանի նախակրթարանն ու միջնակարգը: Միջնակարգի միացեալ («Մատրասէթ Իթթիհատըլ Խասսա») աշակերտութիւնը ընդհանրապէս հայեր են,   կան  նաեւ  փոքր թիւով օտար աշակերտներ:  Կեդրոններուն մէջ  կը   գործէ շտապ օգնութեան մարմին մը եւ, որեւէ խնդրի պարագային հայ բնակիչները   կրնան    կապ հաստատել եւ անհրաժեշտ   օժանդակութիւնը ստանալ: Հայկական  կեդրոնները      ունին նաեւ  դեղորայք  բաժնելու  դրութիւն  եւ ըստ կարիքի  դեղեր կը  բաշխուին շրջանի  հայ բնակիչներուն:  Շրջանը ապրած է ջուրի սուր  տագնապ եւ պատասխանատու մարմիններ   անհրաժեշտ մեքենաներ (թրաքթոր, սիդէր)  օգտագործելով   ձրիաբար ջուր   տրամադրած   են ոչ  միայն   հայերուն, այլ տեղացի   քրիստոնեայ ընտանիքներուն:  «Արեւելք»ի  Գամիշլիի  մեր աղբիւրը  նաեւ նշեց, թէ  հայկական կեդրոններուն ընդհանուր ծախսերը կը հոգայ շրջանի    Հ.Յ.Դ. «Վան»  կոմիտէն, ինչպէս նաեւ՝ Առաջնորդարանն ու  անհատ բարերարներ: Մեր   աղբիւրին համաձայն   շրջանին մէջ ապահովական ծանր   միջադէպէր  տեղի չեն  ունեցած,   իսկ գիշերները    կը գործեն  շրջող մեքենաներ  հայկական  թաղերուն  անվտանգութիւնը պահպանելու համար:   Կեդրոններուն     շուրջ ապահովութիւնը ստանձնած 200  երիտասարդներուն  տրուած են  յատուկ անձնաթուղթեր , որպէսզի  շրջանին մէջ    գործող այլ ուժեր ճանչնան զիրենք:  Մեր  աղբիւրը նաեւ հաղորդեց,  որ  պահակ  հայ   տղոց բոլոր պէտքերը, ինչպիսին  են ՝ հագուստ, առօրեայ սնունդ,  եւ այլն,  կը  հոգայ նոյն մարմինը: «Արեւելք»ի   Գամիշլիի աղբիւրը   նաեւ հաղորդեց, թէ     հայկական շրջանները կ'ապրին   ամբողջական ինքնավարութեամբ մը եւ   շրջանի քիւրտ  պատասխանատուներուն հետ  կայ համերաշխ  եւ շինիչ համագործակցութիւն:  «Արեւելք»  յառաջիկայ օրերուն  պիտի շարունակէ յաւելեալ տեղեկութիւններ  փոխանցել Գամիշլիի  հայկական  թաղերու    ընդհանուր իրավիճակին մասին